2016-03-29 10:03:00

Ս. Զատկուան Պատարագը` Ս. Եղիա - Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ


Ս. Զատկուան հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատուցուեցաւ կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Նախատեսուած էր, որ պատարագին հանդիսապետէր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, սակայն հոգեւոր տիրոջ առողջութեան անակնկալ վատթարացման պատճառով, ինչպէս փոխանցեց Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, չվայելեցինք հոգեւոր տիրոջ օրհնութիւնը. այնուհետեւ պատարագը մատուցուեցաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի նախագահութեամբ:

Հետաքրքրական համախմբումով, ժողովուրդը վայելեց Ս. պատարագի հարուստ ծէսերով տեւականութիւնը, որ պատկերացումն էր Յիսուսի յարութեան` մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ երգչախումբին, Ս. պատարագի հրաշալի շարականներով:

Պատարագի ընթացքին գերապայծառ հայրը փոխանցեց Ս. Յարութեան տօնին պատգամը, որուն մէջ մասնաւորաբար նշեց, թէ «Զատիկը իմաստալից օր մըն է մեզի` քրիստոնեաներուս համար, որովհետեւ անիկա կը խորհրդանշէ անցքը մեղքէն դէպի ապաշխարութիւն, մահէն դէպի յարութիւն, խաւարէն դէպի լոյս:

«Յարութեան տօնը կը լուսաւորէ մեր կեանքին այն բոլոր հանգրուանները, որոնք կը բնորոշեն մեր էութիւնը: Յիսուսի մահէն դէպի կեանք անցքը մեր առջեւ կը բանայ մեզի աւելի հեռուն տանող ճանապարհը: Այսօր հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ կրնանք երգել մեր «Ալէլուեա»-ն, իրեն շնորհակալութիւն յայտնել այն բոլոր գեղեցիկ շնորհներուն ու բարիքներուն համար, զորս մեզի կը պարգեւէ:

«Քրիստոսի յարութեան առաջին վկաները եղան կիները եւ ոչ թէ առաքեալները, որովհետեւ անոնք զինք չլքեցին մինչեւ խաչը եւ պատիւը ունեցան յարութեան աւետիսը տալու առաքեալներուն եւ համայն մարդկութեան:

«Այսօր հրաւիրուած ենք մեր կարգին մեզի փոխանցուած «ջահը» հասցնելու մեր ժողովուրդին եւ բարձրաձայն յայտարարելու յարութեան հաւատքը:

«Այս տօնը կը տեւէ 50 օր: Այս ժամանակամիջոցը առիթ է հրաւէրը բոլորին հասցնելու քաջութիւնը գտնելու, որպէսզի բոլորը նոր կեանք մը ունենան:

«Փա՛ռք քեզի, ո՛վ Տէր Յիսուս, որ մեռած էիր եւ հիմա յարուցեալ: Պաշտպանէ կեանքս եւ զիս միշտ պահէ քու շնորհիդ մէջ»:

Գերապայծառ հայրը Քրիստոսի Ս. Յարութեան խորհուրդը ներկայացուց ժողովուրդին, ապա Տէրունական աղօթքով եկեղեցական արարողութիւնը հասաւ իր աւարտին:

Այնուհետեւ Ս. Յարութեան տօնին շնորհաւորութիւնները ընդունուեցան եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.